Զաւէն Զաքարեան. Հայկական հարսանիք

Քաղեց, համադրեց եւ պատրաստեց՝
Զաւէն Զաքարեան

(Կարէն Անտաշեանին եւ իր նորահարսին)

Հայկական հարսնիքի երկու հիմնական նպատակը`
————————————————————–
Հայ տղամարդու եւ հայ կնոջ սեռական կապի յարատեւ կայունութիւն,
Հայկական օճախի եւ հայրենի ծուխի յարատեւում

Հայկական եօթնօրեայ խորհրդանշական հարսնիք *
—————————————————————

օր` Երկուշաբթի
——————–
արարողութիւն –
Ցուլմորթէք կամ եզմորթէք հարսի տունը:

խորհուրդ
Հարսին տունը, որովհետեւ Երկուշաբթին Լուսնի օր է եւ Լուսինը կը պատկանի հարսին:

արարողութիւն
Տան կղպանքը կը թաթխուի զոհուած անասունի արեան:

խորհուրդ
Որպէս զի ոյժ տրուի փեսացուի առնականութեան:

արարողութիւն
Փեսացուն ու քաւորը իրենց աջ ոտքը կը դնեն եզին վրան:

խորհուրդ
Աջը յաջողութեան գրաւականն է:

օր՝ Երեքշաբթի
——————-
արարողութիւն
Հարսին տունը, ափսէի մը մէջ կը դրուի կարմիր խնձոր մը՝ շրջապատուած հինայով. ամենահասակաւոր երիտասարդը վեր կը բռնէ ափսէն, մինչ ամուրի երիտասարդներ կը ջանան խլել կարմիր խնձորը. խլող երիտասարդը կ՛ունենայ շուտով զոյգ ըլլալու բախտաւորութիւն. մնացեալներու մատները շաբաթ մը կը մնան հինայագոյն:

խորհուրդ
Կարմիր խնձորը կը խորհրդանշէ սիրային կապը.
Հինան, բնական ներկ մը, կը յուշէ բուսապաշտութենէն մնացած դրուագ մը:

օր՝ Չորեքշաբթի
——————–
արարողութիւն
Հարսնառի ճանապարհին, երկու բանակներու “պատերազմ” հարսանեկան ծառին տիրանալու համար:

խորհուրդ
Երկու բանակներու “պատերազմ”ը մնացուկ մըն է նախնադարեան սովորոյթներէ. երկու կողմեր զիրար “ջարդելէ” ետք արժանի կ՛ըլլան հաշտութեան. փեսային ու հարսին գերդաստանները հաշտութեան կրնան հասնիլ “պատերազմելով”:

արարողութիւն
Հարսանեկան ծառը կենաց ծառն է՝ նուռ ու խնձորով:

խորհուրդ
Հարսանեկան ծառը մնացուկ մըն է հայոց հնամենի ծառապաշտութենէն:

արարողութիւն
Հարսը կը հիւրընկալուի փեսային տունը. մօրենական կաթ կը քսուի հարսի գլխուն:

խորհուրդ
Այս արարողոթիւնը կը յիշեցնէ Ծովինարի կաթնաղբիւրի առասպելը:

արարողութիւն
Հարսը կը դրուի պղինձէ կաթսայի մէջ:

խորհուրդ
Պղինձէ կաթսայի մէջ կը դրուի, որովհետեւ Չորեքշաբթիին համապատասխան մետաղը պղինձն է:
Չորեքշաբթին “չար” օր մըն է, ուրեմն հարսը չար աչքերէ կը պաշտպանուի կաթսայի մը մէջ:

արարողութիւն
Փեսան կը լոգցնեն:

խորհուրդ
Լոգանքը կը պատկերէ դրուագ մը ջրապաշտութենէն:

օր՝ Հինգշաբթի
——————
արարողութիւն
Պսակի խորհուրդ:

խորհուրդ
(տեսնել Քանի մը խօսք օրերու մասին)

օր` Ուրբաթ
—————
արարողութիւն
Կերուխում:

խորհուրդ
Հեթանոսական խրախճանք ու գինիի մատռուակում:

արարողութիւն
Փեսան տան մէջ ցորեն շաղ կու տայ՝ ցանելու իրաւունք ստանալու փափագով:

խորհուրդ
Հացապաշտամունք:

արարողութիւն
Հարսն ու փեսան տանիք կ՛ելլեն եւ դառնալով արեւելք՝ կ՛երգեն Վահագնին նուիրուած արեւագալի երգեր:

խորհուրդ
Արեւապաշտամունք:

արարողութիւն
Հարսն ու փեսան կը մտնեն առագաստ, այսինքն հարսանեկան սենեակ:

խորհուրդ
Առագաստը ձեւով մը կը խորհրդանշէ Վահագնի սենեակը, ուր կը սիրաբանէին ռազմի աստուած Վահագն ու գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկը:

օր՝ Շաբաթ
————–
արարողութիւն
Կենակցում:

խորհուրդ
Բարի օր մը:
Զուգուելու ցանկութիւն:

օր՝ Կիրակի
————–
արարողութիւն
Կուսութեան ապացոյց փեսայի տան մէջ:

խորհուրդ
Փեսային տունը, որովհետեւ Կիրակին Արեգակի օր է եւ Արեգակը կը պատկանի փեսային:

* Այս հարսանեկան օրաշարքը անշուշտ պարտադիր չէ. Հայկական իւրաքանչիւր գաւառ ունի իր իւրայատուկ ծիսակարգը:

Քանի մը խօսք օրերու մասին
————————————

Երկուշաբթի
երկնամարմին՝ Լուսին
մետաղ՝ արծաթ
Յաջողակ օր մը չըլլալուն՝ հայեր հարսնիք չեն ըներ Երկուշաբթի օրը:

Երեքշաբթի
երկնամարմին՝ Հրատ
մետաղ՝ արճիճ
Հայերու համար բարի օր մըն է Երեքշաբթին:

Չորեքշաբթի
երկնամարմին՝ Փայլածու
մետաղ՝ պղինձ
Ո՛չ մէկ դար կնայ սկսիլ Չորեքշաբթի օրով:

Հինգշաբթի
երկնամարմին՝ Լուսնթաք
մետաղ՝ երկաթ
Հայերը միշտ Հինգշաբթի օրը կ՛ընեն հարսնիք՝ յուսալով ունենալ առնուազն հինգ երախայ:
Հինգը բարեբեր թիւ մըն է:
Հայր ու մայր՝ հինգ զաւակներով, կը կազմեն եօթը սրբազան թիւը:
Հայերու համար բարի օր մըն է Հինգշաբթին
Հայ արիական օրացոյցներու մէջ “Նոր Տարի” հասկացութենէ աւելի կա՛յ “Բուն Տարի” կամ “Գերագոյն Օր” հասկացութիւնը. Հինգշաբթին այդ գերագոյն օրն է, որ կը միացնէ հին ու նոր տարին:

Ուրբաթ
երկնամարմին՝ Արուսեակ
մետաղ՝ սնդիկ
Ո՛չ մէկ դար կրնայ սկսիլ Ուրբաթ օրով:
Ուրբաթը, սակայն, հմայական ազդեցութիւն եւ զօրութիւն ունեցող օր մըն է:
Ուրբաթ օրէն պաշտպանուելու համար՝ հայ երկրագործներ ուրբաթուրուրք հմայիլներ կը կախեն անասուններու վիզէն:
Շատ երկրագործներ հող չեն վարեր Ուրբաթ օրերը:
Հայոց մէջ կայ Ուրբաթ օրերը գրեթէ չխօսելու սովորոյթ:

Շաբաթ
երկնամարմին՝ Երեւակ
մետաղ՝ անագ
Հայերու համար բարի օր մըն է Շաբաթը:

Կիրակի
երկնամարմին՝ Արեգակ
մետաղ՝ ոսկի
Ո՛չ մէկ դար կնայ սկսիլ Կիրակի օրով:

Զատիկի երգերն ու օրերը
——————————-
Զատիկի հայկական երգերու մէջ կ՛ըսուի՝

Չիք Չորեքշաբթի՝ չքանալու օր
Աւագ Հինգշաբթի՝ աւագ օր
Յուդայի Ուրբաթ՝ մատնութեան չարաբաստիկ օր

Խորհրդանշական բառամթերք
————————————-
ծիսական
————

նշանօրհնէք
Ոսկի մատանիներու փոխանակում. հարսին՝ ճերմակ, փեսային՝ դեղին:

հալաւօրհնէք
Պսակէն առաջ հարսանեկան զգեստներու օրհնում:

ձեռնտուութիւն
Քահանայի կողմէ հարսին ու փեսային ձեռքերու միացում:

գլուխ-գլուխի հպում
Սուրբ Սեղանին առջեւ, խաչեղբայրը կամ կնքահայրը Խաչի եւ Աւետարանի տակ կը պահէ հարսին ու փեսային գլուխները, որպէս զի անոնց շնորհուի սուրբ անկողին կամ մէկ բարձ ունենալու իրաւունք
(մէկ բարձի վրայ ծերանաք – բարձը փոխել – փափուկ բարձ դնել գլխուն տակ):

ձեռք ուզել
Փեսացուի մը համար հարսնցու խնդրել:

նշանական
————–

նարօտ
Կարմիր եւ ճերմակ ազնիւ թելերէ կազմուած բարակ կապ մը, զոր քահանան զայն օրհնելէ ետք կ՛անցընէ հարսին ու փեսային գլուխներուն. հարսը կը կոչուի թագուհի, իսկ փեսան՝ թագաւոր. կարմիրն ու ճերմակը յաջորդաբար կը խորդանշեն Քրիստոսի կողէն հոսած արիւնն ու ջուրը. նարօտի օրհնանքով՝ հարսն ու փեսան կը սրբուին մեղքերէ եւ հաղորդակից կ՛ըլլան յաւիտենական կեանքի

գինի
Թագվերացէն՝ պսակի վառ առնուելէն ետք, հարսին ու փեսային կը մատուցուի գինի՝ ի յիշատակ Գալիլիոյ Կանայի հարսնիքին ատեն Քրիստոսի գործած հրաշքին:

մատանի
Մատանին կը դրուի չորրորդ մատին՝ մատնեմատին, “մատանիի մատին”, ուրկէ կ՛անցնի սրտի երակը:
Մատանիի անցումով ըսել կ՛ուզուի, որ հարսը սիրով ու սիրտով հաւնեցաւ փեսան:

ապարանջան
Ապարանջանը կը դրուի հարսին ձեռքին:
Ապարանջանի անցումով ըսել կ՛ուզուի, որ հարսը իր իսկ ձեռքով կապուեցաւ փեսային:

գինդ
Գինդը կը կախուի հարսին ականջին:
Գինդի կախումով ըսել կ՛ուզուի, որ հարսը իր իսկ ականջովը լսեց բոլոր ըսուածները:

կարմիր շար ու քօղ
Կարմիր շարն ու քօղը կը նշանակեն հարսնութիւնը:

աթոռ ու գորգ
Աթոռն ու գորգը կը նշանակեն թագաւոր-թագուհիի՝ փեսային ու հարսին իշխանութիւնն ու պատիւը (տեսնել օժիտի գորգատեսակ):

կոսպանդ
Հարսնիքին, երբ արդէն փեսան կ՛ըլլայ տօնական զգեստով, իր մայրն անոր լանջին՝ ուսէն անութ, կը կապէ ժապաւէնաձեւ կանանչ-կարմիր կոսպանդ, “ուսկապ”, եւ կ՛օրհնէ. “Կանանչ-կարմիրդ կապեմ”. Կարմիրն ու կանանչը նշան են պսակուելու եւ կենակցելու թոյլտուութեան, Իսկ երբ փեսան հարսնառի հետ կը մտնէ հարսին տունը՝ զոքանչը գունաւոր թաշկինակ կապելով կ՛ըսէ. “Աստուած բարի վայելում տայ”. այսինքն զոքանչը, այս նախադասութեամբ, մայրիշխանութիւն յիշեցնելով, զուգաւորելու իրաւունք կը շնորհէ փեսային ու հարսին:

աղ ու հաց, թոնիր, խնձոր
——————————–

լաւաշ
Հայոց ռազմի աստուած Վահագնի եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հարսնիքին՝ աստուածներու հայր Արամազդը Աստղիկին ուսին կը դնէ լաւաշ՝ փեսայ Վահագնի տուն երթալու ճանապարհին. լաւաշը կ՛իյնայ հարս Աստղիկին ուսէն. Արամազդը կը զայրանայ եւ կªըսէ.
“Հացը գետին ձգողը չի կրնար կին ու մայր դառնալ”:
Վահագնն ու Աստղիկը երբէք չեն կրնար ամուսնանալ. անոնք կը մնան յաւերժական սիրահարներ:
Մինչեւ այսօր, հարսնիքի ատեն, հայ հարսեր, լաւաշն իրենց ուսին, զգոյշ կը քալեն, որ չունենան Աստղիկին տխուր ճակատագիրը:

Խորակ
Մանրաչք մաղով քանի մը բերան մաղուած ընտիր ալիւրով թխուած հաց մըն է Խորակը, զոր մեղրալուսնի բոլոր օրերուն կ՛ուտեն հարսն ու փեսան:
Խորակ հաց կ՛ընծայուէր ե՛ւ Նաւասարդեան խաղերու յաղթող ձիարշաւողներուն:
Խորակ անունով ծանօթ են հայկական շատ ճաշեր:
Արցախցիները այնքան կը սիրեն այս բառը, որ շատ անգամ իրենց պատրաստած բոլոր ճաշերուն կու տան Խորակ անունը:

ցորենի պսակ
Նորափեսային գլխուն դրուող ամէնէն գեղեցիկ պսակը կը պատրաստէին Հայաստանի Հարք գաւառին մէջ:
Հարքի բնակիչները պսակը կը հիւսէին ցորենի ծղօտներով:
Եռագոյն կ՛ըլլար պսակը՝ խարիսխը ցորենագոյն, հիւսուածքը՝ կարմիր ու կապոյտ:
Փեսային ճակատին դնելով այս ցորենի պսակը՝ Հարքի բնակիչները զոյգերուն կը մաղթէին հացառատութիւն:

թոնիր
Փայտակարան նահանգին մէջ, պսակադրութիւնը տեղի կ՛ունենար թոնրատան մէջ:
Հարսն ու փեսան, ձեռք-ձեռքի տուած, կը դառնային թոնիրին շուրջը ու կը համբուրուէին:
Հարսը իր հօրենական տան թոնիրէն կը վերցնէր բուռ մը մոխիր ու կը պահէր իր գրպանը:
Հարսն ու փեսան երեք անգամ կը դառնային փեսայի տան թոնիրին շուրջը, ծունկի կու գային ու կը համբուրէին թոնիրը: Այս միջոցին, հարսը իր գրպանէն կը հանէր իր հօրենական տան թոնիրէն բերած բուռ մը մոխիրը ու կը թափէր փեսայի տան թոնիրին մէջ:
Թոնիրը հայ գիւղացիին առաջին սրբազան տունն է:
Զանգեզուրցիք չեն օգտագործեր “ընտանիք” բառը: Զանգեզուրցիներու համար “ընտանիք”ը “օճախ”ն է:

խնձոր
Շատ նշանաւոր է Վան քաղաքի մօտակայ Արտամէտ աւանի խնձորը: Ամենակարմիր եւ ամենահոտաւէտ խնձորն է:
Հայերու հարսանեկան ասացուածքը կ՛ըսէ.-
“Վանի հարսանեկան սնտուկներու մէջ խնձորահոտը կը մնայ քառասուն տարի”:

կարմիր խնձոր տալ
Հայ տղաքը, իրենց առաջին հանդիպումին, իրենց սիրած աղջկան կու տան կարմիր խնձոր: Աղջկան կողմէ խնձորի ընդունումը՝ փոխադարձ սիրոյ նշան է:
Հայ տղաները կարմիր խնձոր կու տան իրենց սիրած աղջիկներուն, իսկ հայ աղջիկները ձեռագործ թաշկինակ կը նուիրեն իրենց սիրած տղաներուն:

օժիտ կամ բաժինք
———————–

բաժինք
Աղջկան բաժինքին մէջ անպատճառ պէտք է ըլլար անկողին, վերմակ, սաւան, բարձ, պղինձէ անօթներ, աղաքսակ, գորգ եւ … մէկ կով: Երկու կով չէին դներ բաժինքի ցանկին մէջ, որպէս զի երկու էգ միաժամանակ դուրս չգար հայրական տունէն (անասնապաշտութեան եւ թուապաշտութեան մնացուկ):

ծառօժիտ
Հայ գիւղացիին օժիտի ցանկը կ’ընդգրկէր ծառ կամ այգի;
Հայկական գիւղերու մէջ պատուական էր եւ նոյնիսկ պարտադիր ծառօժիտը;
Ծառի կամ այգիի նուիրումով` կը ցանկացուէր նորակազմ ընտանիքը կապել պապենական հողերուն;

օժիտի գորգատեսակ
Աղջկան օժիտի անքակտելի մասն էր գորգատեսակը;
Արցախի մէջ հարսանեկան գորգերը կը կոչուին “Վրթաւուր”, “Շնաւուր”;
Ձեռագործ գորգերու վրան կը հիւսուէր աղջկան երազանքը, մտածումը, երեւակայութիւնը, հաւատքը, պաշտամունքը, սէրը հանդէպ մարդուն ու բնութեան;
Այս հարսանեկան գորգերու վրան կը հանգուցուէր ամուսնացող զոյգերու հաւատարմութեան ուխտը հանդէպ հայ տոհմիկ աւանդութեանց;
Գորգազարդերու մէջ երեւացող երեք վազող ձիերը կը ներկայացնէին հարսն ու փեսան եւ խաչեղբայրը, իսկ երեք շուները կը խորհրդանշէին հաւատարմութեան ուխտը:

ծծագին
Տղային հայրը ծծագին կու տար հարսնացուի մօրը՝ իբրեւ վարձատրութիւն աղջկան տրուած մօրենական կաթին:

եօթը պորտ
————–

օխտը պորտ
Ամուսնութեան նախապայման էր մինչեւ եօթը պորտ տոհմածառի քրքրումը:

հարսի ու հարսնիքի պահպանում
—————————————-

Փեսայի հայր
Հարսի առաջին հովանաւորը փեսայէն աւելի փեսայի հայրն է, ժողովրդական լեզուով՝ “փաթրոն”ը: Հարսը իր առաջին նուէրները կը ստանայ փեսայի հօրմէն:

մակար “ազապ”
Քսան-երեսուն տարեկան քսանհինգէն-յիսուն հոգինոց ամուրիներու խումբ մըն է:
Մակարներու խումբը կազմուած կ՛ըլլայ փեսային հաւատարիմ հարսապաշտպան ամուրի երիտասարդներէ:
Մակարներու պարտականութիւնն է հաճելի եւ անփորձանք անցընել հարսնիքը ու պաշտպանել հարսն ու փեսան, մանաւանդ նկատի առնելով հարս առեւանգելու հայկական հին սովորոյթները:

պար ու նուագ
——————

արեւականչ
Վաղ առաւօտեան, “Սահարի” նուագի ընկերակցութեամբ, երգով ու պարով, հեթանոսական արարողութեամբ կը մորթուի հարսնիքի արջառը:
Զոհի արեան կը թաթխուին նոր կղպանքներն ու բանալիները, որպէս զի փակուի չարի ճանպարհը:

կորիզով տալ
Հարսնիքի ատեն չոր կորիզներ կը նետեն չսիրուած մարդոց, վատ պարողին ու վատ նուագողին վրան:

Յալի
Աւելի քան յիսուն պարեղանակ ունեցող, արեւագալի հետ կապուած, հեթանոսական ծիսապար մըն է:
Հարսնիքի կամ խոր յուզումներու ժամանակ ներկայացուող այս ծիսապարը կը պարէին հեթանոս հայեր, աստուածներու զոհ մատուցելու ժամանակ:
Պարը իր ամբողջ ուժգնութեամբ կը շարունակուէր մինչեւ զոհի վերջին արեան թափումը եւ արեւագալէն կը խնդրուէր զոհաբերուող անասունի ընդունումը:

աւել
——

ծաղկուն աւել
Հարս գացող աղջկան ուրախութեան, կամ տխրութեան, բաժնեկից մըն է աւելը:
Հայկական գիւղերու մէջ, երկունքի ցաւերէն շուտ ազատուելու համար՝ կիներ կը ցատքեն վառուող աւելին վրայէն:
Հայկական հեքիաթներու մէջ աւելը հոգեկիր է:
Ծաղկաւելը կը խորհրդանշէ պտղաբերութեան աստուածութիւնը:
Տան դրան սեմին գլխիվայր աւել դնելով՝ հայ գիւղացիք ըսել կ՛ուզէին՝ “Այս տան մէջ հասած աղջիկ կայ”:
Երբ փեսան “կապուի”, չգործէ սեռայնականութիւնը՝ գիւղացիք եկեղեցւոյ աւելը կը տանին ու կը դնեն նորապսակ անկողինին տակը, որպէս զի բանան “կապ”ը:
Հարսնիքին, նորապսակին առջեւ, փեսայի հօր փափախի գագաթին կը դրուի աւել:

հարսանեկան եզ
———————

եզի զարդարում
Եզան վիզը կը զարդարուի խնձորներու շարանով:
Մորթուող եզան կէսը կը տարուի փեսայի տուն:
Քաւորը, եզան արեան մէջ թաթխուած մատով, կը խաչակնքէ փեսային ճակատը:

եզմորթէք
Շատ զգուշութեամբ կը մորթուի հարսանեկան եզը, որպէս զի նախանձ մարդիկ թել չփաթթեն զոհի արեան մէջ, որովհետեւ այդ թելի հանգոյցով կրնայ “կապուիլ” փեսայի առնականութիւնը:
Եզմորթէքէն ետք կը հագցընեն փեսան:
Մակարները մոմերով կը կանգնին փեսային շուրջը եւ լոյսով կը պաշտպանեն զինք չար ոգիներէն: Անոնք վառած մոմերով կ՛ապահովեն փեսային առնականութիւնը:
Միւս կողմէն, հարսը կը լոգցնեն մեղր ու կարագով:

հարսնիքի փուլեր
———————

նախապատրաստական փուլ
————————————

խնամախօսութիւն
Փեսային ծնողքն ու մօտիկ ազգականները կը դիմեն խնամախօսութեան, որ ծանօթացնեն իրենց տղան եւ ծանօթանան իրենց հարսնցուին:
Զոյգ կազմելու նախաձեռնութիւնը կը բխի տղուն ծնողներէն (հայրիշխանութեան եւ նահապետական փառքի դրսեւորում)

ձեռք ուզել
Աղջկան տունը այցելելու եւ աղջկան ձեռքը ուզելու արարողութիւն:
“Մենք եկած ենք ձեր պարտէզէն վարդ մը քաղելու”:

խօսքկապ
Երկու ընտանիքներու համաձայնութեամբ խօսք կը կապուի: Խօսքկապի ատեն ալ կը փոխանակուին հարսնցուն ու փեսացուն զիրար միացնող մատանիներ:
Աղջկան հայրը, տղուն հօր առաջարկը ընդունելէն առաջ, կը խորհրդակցի իր ազգականներուն եւ մասնաւորաբար աղջկան մօրեղբօր հետ (մայրիշխանութեան դրսեւորում):
Գիւղերու մէջ, իրարու աւելիով կապուելու համար՝ երկու ընտանիքներ, շատ անգամ, իրենց տղան ու աղջիկը կ՛ամուսնացնէին օրօրոցի մէջ (“օրօրոց խազել”):

միջանկեալ փուլ
——————–

նշանտուք
Յետ խօսքկապի եւ նախապսակի արարողութիւն, որով հարսնցուն ու փեսացուն աւելիով կրնան զիրար մերձենալ:
Նշանտուքով կը վկայուի հարսնցուին եւ փեսացուին կապի վաւերականութիւնը:
Ծաղկազարդին, նշանուած տղան զոյգ մը մոմ բռնած, կը կանգնի իր նշանածին առջեւ:
Նշանտուքի ուրախութեան ժամանակ, նոյնիսկ գիշերը նշանտուքի տուն մտնող մարդիկ պէտք է “բարի լոյս” ըսեն: Երեկոյեան կամ գիշերուան անուն պէտք չէ տան, որ գիշերները արթուն մնացող ոգիներու ուշադրութիւնը չգրաւեն:
Նշանը կը բերուի կարմիր խնձորի կամ նուռի մէջ խրուած, որպէս զի հարսն ալ խնձորի եւ նուռի նման բազմանալու ոյժ ունենայ:
Նշանտուքի ատեն, գիւղերու մէջ, տղան պէտք չէ որ ներկայ ըլլայ, իսկ աղջիկը պէտք է որ պահուըտի սենեակ մը: Տղան կը բարձրանայ տանիք, որ իր զոքանչին կողմէ գաղտնի կերակրուի “շնթռկահացով”: Զոքանչը այդ հացին մէջ կը դնէ հարսին մէզէն երկու կաթիլ, որ փեսացուն աւելի տաք ձեւով կապուի իր աղջկան հետ: Այդ օրը, զոքանչը նոյնիսկ կ՛արտօնէ իր աղջկան ու փեսային, որ պառկին մէկ անկողնի մէջ՝ անշուշտ իբր “քուր ու ախպէր”, այսինքն “քոյր ու եղբայր” (մայրիշխանութեան դրսեւորում):

վերջնական փուլ
———————

պսակ կամ ամուսնութիւն
Գիւղերու մէջ հարսնիքը կը սիրեն տօնել աշնան կամ ձմրան, երբ կը թեթեւնայ կամ կ՛աւարտի հողագործական աշխատանքը:
Փեսան հարսնառի կ՛երթայ՝ քաւորն ունենալով իր աջին եւ իր եղբայրը իր ձախին:
Երբ հարսը կը մտնէ փեսային տունը՝ սկեսուրը հարսին կը ներկայացնէ իւղի պուլիկը՝ նորապսակներու տան իւղը միշտ առատ պահելու օրհնանքով: Հարսը այդ իւղով կ՛օծէ սկեսրոջ ծամը՝ ի նշան հնազանդութեան:
Հարսը տուն մտնելէ առաջ անպայման կը կոտրէ կաւէ գաւաթ մը: Այսպիսով ան կը կամենայ չքացնել չար աչքերը եւ իր կուսութիւնը մատաղ ընել իր մտնելիք տան մէջ: Կ՛արձակուի հարսանեկան մորթուած եզին արեան մէջ թաթախուած հանգոյցը եւ կը բացուի արեան մէջ թաթախուած դրան կղպանքը:
Զոյգը իրաւունք կը ստանայ առագաստ մտնելու:
Անմիջապէս որ իմացուի թէ փեսան կուսութիւնն առած տիրացեր է հարսին՝ ի տես ամէնքի կը ծածանի արիւնոտ սաւանը:
Առագաստ մտնելը, հպարտութեան հետ մէկտեղ, կը համարուի ադամ-եւայական “մեղք” մը:
Առագաստ մտնելու յաջորդող օրը՝ փեսան “իբր յանցագործ” կ՛անյայտանայ:
Նորահարսը “իբր անմաքուր”՝ քառասուն օր չի կրնար ամանեղէն լուալ, խմոր հունցել կամ ճաշ եփել:
Հարսնիքը կը փորձուի տօնուիլ չափազանց ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, հաւատալով որ այդպիսով ուրախ ապագայ կը շնորհուի նորապսակներուն:

Անահիտ դիցուհիի պաշտամունքէն բխող ծէսեր
յանուն պտղաբերութեան ապահովման
————————————————-

– խնամապագ
– հարսնիքի եզմորթէք
– հարսին տունէն աղաման ու աղաթաս իբր օժիտ դուրս հանել
– հարսին տունէն գաթաները ծիսական պարով դուրս բերել
– հարսին տունէն հաւ ու աքաղաղ “թռցնել” եւ ճաշկերոյթ սարքել
– հարսնառի ճանապարհին, զոյգին առջեւ ոչխար կամ հաւ ու աքաղաղ մորթել
– զոյգին ոտքին տակ ձուկ նետել
– հարսանեկան կենաց ծառը զարդարել սիրոյ ու պտղաբերութեան խորհրդանիշ կարմիր խնձորով
– հարս ու փեսայի կողմէ կաւէ ամանի փշրում
– փեսային կոսպանդներով զարդարելով՝ անոր կենակցելու իրաւունք տալ
– նորապսակներու առջեւ սկեսրոջ պոչիկ-աւելով պարածում
– հարսին գաղտնօրէն աւելին նստեցնել
– փեսայի գլուխը աքաղաղի փետուրով զարդարել
– սեռային մոգութեամբ հարսանեկան էշը “հարսնեւոր” դարձնել

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *