Էա (արևմտահայերեն)

Արևելահայերենից արևմտահայերենի փոխադրեց Գագիկ Բատիկեանը

Էա

Մինչ
կենաց հրաշալի լուսաբացը,
խուսափուկ,
վաղորդեան հալուող աստղածաղիկներէն,
դուն կաթեցար,
ցողի՜կ,
մինչ
բազում կանանց եւ տղամարդոց միջեւ
դիւրաւ սկսող ու ա՛լ չաւարտող
յետկէսօրը խառն պատմութիւններու.
նարինջ դեղձենիներու տակէն
դուն անցար դողդոջ՝
վերջին անգամ քեզմով՝
կեանքով-սիրով-լոյսով խառն՝
լեցնելով նախահօրս փորած
առուափոսերը.
քարէ վիշապիկներուն հետ սեթեւեթելէն,
անոնց ողորկ կողերուն քսմսուելէն,
լկռտելէն,
ինքնամոռաց,
ալեծփիկ,
գալարուեցար…

Օր մըն ալ
յանկարծ
ալիքուեցար
տեղ մը Հնդկական ովկիանին մէջ՝
հեռաւոր, անհուն, անանուն:
Ու մինչ քառորդ յաւերժութիւն ամբողջ
տիեզերքի մէջ կը խմորուէր դեռ անանուն
կարօտ մը,
խեցեղէնէն հինգ պարոյր
հասակ առայ խորքերուդ մէջ,
մինչ դուն
չդիմացար, չսպասեցիր,
արեւայրուքներէն
աւանդեցար հոգիդ արեւաստուծոյ,
գալարուեցար անոր հետ երկնային սաւաններու վրայ,
խելակորոյս թաւալուեցար անոր հետ՝
կեանքոտելով դեռեւս անաստուած
տարածութիւն ու ժամանակ,
Էա՛,
դուն՝ ճերմակ առագաստանաւ,
աղջիկ, կէտատոֆէն, ճայ,
բառերու մէջ երբեւէ չառուած երգի կանխազգացում
Էա՛ –
ամպի՜կ,
կենսոլորտին սահմանները պարագծող
թաց քնքշութիւն…

Աղջկան նազանքներով,
ինքզինքդ շոյելով
ծուլօրէն,
մշուշուած ու քնատ
սահեցար, սառեցար,
գգուեցար, գրկեցիր,
ննջեցար,
հիւսիսային սուրբ լերան գագաթին
իմ ծնունդէս անհնարին շատ տարիներ առաջ,
սառցէ ճերմակաւոր ջրափոշի
Էա՛ –
ձիւնի՜կ:

Ես կը յիշեմ քու երազդ,
որու ջրաշուշան անունը տուինք,
եւ դեռ երկնագոյն էին այն ատեն
ծովագռաւներն ինծի պէս:

Յետոյ քու մենութեանդ
եւ իմ տունդարձիս
ժամանիւը
գլորուեցա՜ւ,
գլորուեցա՜ւ…

Մինչ իմ սերմերս կը թափառէին անապատներու մէջ,
մինչ իմ սերմերս կը պարէին թեթեւաբարոյ քամիներուն հետ՝
անդրաշխարհի մթան մէջ մոլորուելով
յետ չէին վերադառնար
կամ կու գային իբրեւ բարբարոս խառնածիններ՝
դուն սուրբ լերան գագաթէն
կամացուկ,
կաթէկաթ,
շշուկով,
յորդեցար
զիս փնտռելու՝
քեզ խցկելով ամէն քարի ու դարի տակ՝
շոշափելով, հոտոտելով, լիզելով,
աղակալած հետքերը իմ գոյութեանս,
իմ ժայռափոր մտքերս
եւ չգտած իսկ տակաւին, սպասումի դողէն
քառսուն պտկունքդ նռնաճաքուկ կը ծիւրէին
կաթնասուն սիրոյ կենսահիւթը,
Էա՛ –
անձրե՜ւ:

Ես լսեցի քեզի.
«Քիչ մըն ալ մնա իմ մէջս, քիչ մըն ալ… »:
Ես շնչեցի քեզի – ծովը:
Էա՜:

Այդ օր ծնաւ առաջին երգը
լեռնցի ծովապաշտներու:

 

Կարէն Անտաշեան  / Ծիլի-Ծով. Գիրք Հմայութեան

Share Button
Tags from the story
,

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *